ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Դոնալդ Թրամփը, պաշտոնը ստանձնելու առաջին իսկ օրից, ծրագրում է վերականգնել իր «առավելագույն ճնշման ռազմավարությունն Իրանին սնանկացնելու համար»՝ գրում է Financial Times-ը: «Առավելագույն ճնշման» արշավը նպատակ ունի զրկել Իրանին բանակը հզորացնելու հնարավորությունից, սակայն վերջնական նպատակը Թեհրանին միջուկային նոր համաձայնագրի շուրջ բանակցությունների մղելն է։               
 

Վերարժեւորենք Գում Գափուի ցոյցին խորհուրդը

Վերարժեւորենք Գում Գափուի ցոյցին խորհուրդը
16.07.2023 | 09:06

Նպատակ չունէի անդրադառնալու Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ պատմութեան առաջին ցոյցին՝ Գում Գափուի ցոյցին:

ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան անգլերէն լեզուով մատուցուող ընդհանուր պատմութեան դասագիրքին մէջ ամփոփ տողերու մէջ արձանագրուած այս ցոյցին մանրամասնութիւնները ընթերցելու միջոցին, իմ վրայ սեւեռած կ՛ըլլային դասընկերներուս աչքերը, կարծէք տողերս գրողը ըլլար ցոյցին կազմակերպիչը: ՈՒսուցչական կազմը եւ մասամբ նորին, զիս կը ճանչնային իբրեւ հաստատութեան միակ հնչակեանը: Յուսախաբ չէի ըներ անոնց համոզումը: Պտուղը չէր կրնար ծառէն հեռու իյնալ...:

Բայց եկուր տես, որ տակաւին պատանի, Մայր կուսակցութեան դրօշին ծառայելու հաւատարմութեան ուխտս չէի կատարած այդ օրերուն, եւ այդ պատճառով ալ, բարձրագոյն ուսման համար Հայաստան դիմողներու հարցերով զբաղող Լիբանանի Հնչակեան մարմինը մերժած էր դիմումս: Ոչ ոք հաշուի կ՛առնէր, այն պարզ իրողութիւնը, որ քաղաքացիական պատերազմը հարկադրաբար տարբեր ոստաններ մղած էր մեզի նման ուսումնատենչ տղաքը: Այդ օրերուն անգիր օրէնք մը գոյութիւն ունէր Հայաստան մեկնողները անպայման պէտք է կուսակցական ըլլային, այլապէս...:

Հետագային՝ երախտաշատ ընկերներ Վահրիճ Ճէրէճեանը, Ժիրայր Նայիրին, Տիգրան Սարաֆեանը եւ Մանուէլ Ադամեանը, հօրս հետ ներկայացան Լիբանանի մէջ Խորհրդային դեսպանատան հայ կցորդ Ռոմէն Գոզմոյեանին: Ազնիւ այս հայորդիին միջամտութեան շնորհիւ, կրթական տարեշրջանը սկսելէ երկու ամիս ետք, Նոյեմբերին, բացուեցաւ Նայիրեան երկիրին ճանապարհը..:

Դաժան է կեանքը...:

Քանի մը օր առաջ կը թերթէի Լէոյի « Թուրքահայ Յեղափոխութեան Գաղափարաբանութիւն»ը աշխատութեան Ա. Հատորը, (Երեւան, 1994): Ինծի զարմանք պատճառած են հայ ազգային ազատագրական պայքարի հանդէպ հանրածանօթ պատմաբանին քննադատական վերլուծութիւնները, հեգնական մօտեցումները: Յօդուածովս պիտի փորձեմ արժեւորել Հնչակեան կուսակցութեան գործունէութեան պսակաւոր էջերէն՝ Գում Գափուի ցոյցը, որուն յիշատակը կը զուգադիպի այսօրուան (15.07.2023 թ.-irates.am)՝ 15 յուլիս 1890:

Պատասխանելով պատմաբան Լէոյին, պիտի յիշեմ տաղանդաւոր ռուս գրող Կոկոլի (Գոգոլ-irates.am) մէկ խօսքը. «Կը խնդանք, այո՛, բայց որու՞ն վրայ կը խնդանք...»:

Դու՛ն, ո՜վ Հնչակեան ընկեր, գիտա՞կ ես, թէ անցեալէն ին՞չ մեծ հարստութեան մը ժառանգորդն ես: Քու անմահ կուսակցութիւնդ սնած, ուռճացած եւ խարսխուած է՝ գաղափարական վառ տեսիլքով՝ ներկան ներշնչելու եւ դէպի ապագան դիմելու վսեմ առաքելութիւնն ունի ան: Եւ որպէսզի կարենաս այդ տաժանելի, բայց փառաւոր պատմական երկար ուղեւորութիւնդ աւելի դիւրաւ կատարել՝ հանգրուաններու պէտք ունիս: Այդ հանգրուաններն ու կայանները քու պանծալի կուսակցութեանդ կոթողած պատմական դէպքերու տարեդարձներն են, որոնցմէ մէկը անկասկած Օսմանեան կայսրութեան եւ հայ իրականութեան առաջին քաղաքական ցոյցն է՝ Գում Գափու թաղամասին ցոյցը, որ տեղի ունեցաւ 15 յուլիս 1890-ին, Պոլսոյ մէջ, եւրոպական պետութիւններու ուշադրութիւնը Հայկական հարցին վրայ սեւեռելու ակնկալութեամբ:

Գում Գափուի ցոյցը համարձակ գործողութիւն էր: Օսմանեան պետութեան մայրաքաղաքը տակաւին չէր տեսած նման բողոք: Ցոյցը ոչ միայն բողոքի արտայայտութիւն էր, այլեւ քաղաքական եւ տնտեսական պահանջներ ներկայացնող ընդվզում:

Գում Գափուի ցոյցին ներկայացուած պահանջները նորութիւն էին ազատագրական պայքարի գաղափարախօսութեան պատմութեան մէջ: Այս նկատառումով անհրաժեշտ է գնահատել ցոյցին դերը եւ նշանակութիւնը: Պատկերացուցէք բռնատիրութեան մայրաքաղաքին մէջ միակամ դարձնել հինգ հազար մարդ, համարձակութիւն ունենալ պատռելու սուլթանի նկարն ու պետութեան զինանշանը, այս յանդուգն արարքը ինքնին կը նշանակէր, թէ հայութիւնը սպառած էր տնտեսական եւ քաղաքական բարելաւումներու հասնելու բոլոր ուղիները եւ որդեգրած բացայայտ պայքարի ճանապարհը:

Դէպքին արժէքն ու կարեւորութիւնը հասկնալու համար պէտք է մեր երեւակայութեամբ փոխադրուինք այդ ժամանակաշրջանը:

Հնչակեան կուսակցութիւնը արթնութիւն շեփորեց, քաղաքական թմբիռով քնացող հայութեան: Սարսափէն կարկամած լեզուները բացաւ, շրթները շարժման մէջ դրաւ, հոգիները վերանորոգեց, զանոնք արիացնելէ ետք՝ թուլցած կամքերը պողպատեց եւ զանոնք առաջնորդեց դէպի ազատութիւն:

Մէկ խօսքով՝ «կեաւուրի հոգին» մարտիկի հոգիին վերափոխուեցաւ:

Այս բոլորը ունենալու համար ան պայքարեցաւ երկար ժամանակ: Օգտագործեց իր մամուլն ու բեմը, կազմակերպչական ցանցը: Նոր հայութեան ստեղծած նոր դէպքերը իրար յաջորդեցին, նոր շրջանի նոր դէմքերով: Հայոց պատմութեան նոր անկիւնադարձէն՝ 1887-ին յաջորդեցին ազատագրական պայքարի մեր փառապանծ էջերը՝ Կարնոյ, Գում Գափուի, Պապ Ալիի ցոյցերը, Խանասորի արշաւանքը, Պանք Օթոմանի գրաւումը, Սասունի, Զէյթունի, Շապին Գարահիսարի, Վանի ապստամբութիւններն ու ինքնապաշտպանութիւնները: Երկար է շարքը...

Հայ յեղափոխութեան վերակերտած նոր հայութիւնը իր կորսուած իրաւունքները նոր ուղիով ձեռք բերել կը ձգտէր, ձանձրացած ու ձերբազատած հին ուղիներէ եւ փորձերէ:

«Մի՛ աղերսեր, այլ պահանջէ՛» յեղափոխական կարգախօսով հայրենազուրկ եւ սակայն հայրենիք, ազատութիւն եւ մարդկային տարրական իրաւունք պահանջողներու այս ցոյցը ոչ միայն հնչակեաններէն յիշատակուելու արժանի է, այլ համայն հայ ժողովուրդէն: Այն բոլորէն, որոնք կը հաւատան մեր ազգային արժէքներուն եւ կը հպարտանան ազգային ազատագրական պայքարով:

Պէտք է վերապրեցնենք մեր մօտաւոր անցեալի փառքերը կազմող այս փառաւոր եւ արիւնոտ ցոյցերը, իրենց ներքին հոգիով, որովհետեւ առանց անոնց՝ մենք ներկայի փառքերէն զուրկ եւ գուցէ պատմութեան անցնող ինքնակորոյս ժողովուրդ մը դառնայինք եւ կամ «գոյութիւն» մը քաշկռտող հաւաքականութիւն մը:

Փա՛ռք եւ պատիւ Գում Գափուի մեծ ցոյցին եւ անոր հերոսներուն, որոնք ստրուկը մարտիկի վերածած մեր ժողովուրդը մղեցին տէր դառնալու իր պատմա-քաղաքական իրաւունքներուն:

Ահարոն ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Դիտվել է՝ 4248

Մեկնաբանություններ